Նոր քատրեր՝ հարաւային ուղղութեամբ ջախջախուած հակառակորդի առգրաւուած ռազմական սարքերէն (տեսանիւթ)

2020-10-24
Image

Արցախի տեղեկատուական շտաբը հրապարակած է տեսանիւթ, որուն մէջ կ'երեւայ հարաւային ուղղութեամբ ջախջախուած հակառակորդի ռազմական սարքերը:

Տեսանիւթը սկզբնապէս հրապարակուած է «Յանուն հայ զինուորի» ՀԿ եութուպեան էջին:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ հարաւային ուղղութեամբ հայկական ուժերու յաջող գործողութեան շնորհիւ ոչնչացուած է հակառակորդի յատուկ նշանակութեան խոշոր ստորաբաժանում, 9 միաւոր ռազմամեքենայ, իսկ մի քանին` առգրաւուած:

Գերի ինկած է ատրպէյճանական զինուժի զինծառայող, որ այս պահուն կը վիրահատուի հայ ռազմաբժիշկներու կողմէ: