Ուաշինկթըն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած վայրագութիւններուն

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյց, որուն մէջ մանրամասն անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի դէմ սեպտեմբերեան յարձակման ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորներու թոյլ տուած վայրագութիւններուն:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի հաղորդումներու մասին, որ սեպտեմբերեան հակամարտութեան ընթացքին ատրպէյճանական ուժերը իրագործած են անօրինական սպանութիւններ, դաժան եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկած են հայ զինուորականները:
Կը նշուի, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ուսումնասիրած է Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորսուած անձերուն դէպքերը: Կը նշուի, որ 2020 թուականի աշնան պատերազմէն յետոյ 203 մարդ (այդ շարքին` 20 քաղաքացիական անձ) կը համարուի անհետ կորսուած, իսկ Սեպտեմբեր 13-14-ի հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորսուած կը համարուի 3 զինուորական:
ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը կ’անդրադառնայ նաեւ ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ 7 հայ զինուորի անօրինական մահապատիժին, որ, Human Rights Watch հասարակական կազմակերպութեան եւ Bellingcat-ի հետաքննող լրագրողներու հաւաստմամբ, նկարահանուած է 2022 թուականի Սեպտեմբերի կէսերուն:
Զեկոյցը նաեւ կը յիշատակէ սեպտեմբերեան հակամարտութեան ընթացքին հայ կին զինուորներու մարմիններուն նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն հարուածները, շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու թիրախաւորումը:
Հայաստանի մէջ դատարաններն անկախ չեն. անոր վկայութիւնն են փտածութեան եւ քաղաքական ազդեցութեան երեւոյթները, բարեփոխումներու իրականացման դիմադրելու դէպքերն ու վերջին աղմկահարոյց գայթակղութիւնները:
Զեկոյցին մէջ կ’ըսուի, որ կան կառավարութեան կողմէ դատաւորներուն վրայ ազդելու փորձերու մասին չհաստատուած տեղեկութիւններ:
Ըստ զեկոյցին, Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու կամ կալանաւորներու առկայութեան մասին արժանահաւատ տեղեկութիւններ չկան:
Կառավարութիւնը ընդհանուր հաշիւով կը յարգէ խօսքի ազատութեան իրաւունքը, թէեւ կան որոշակի սահմանափակումներ: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ իշխանութիւնը չէ ներառած «ծանր վիրաւորանքը» մինչեւ Յուլիս 1 ուժի մէջ մտած Քրէական օրէնսգիրքին մէջ, եւ այդ տուած է այդ յօդուածը ապաքրէականացնելու հնարաւորութիւն: