Պատերազմի 4-րդ օրը ես նշեր եմ, որ երկու-երեք օրուայ ընթացքին պէտք է պատերազմը դադրեցնել. Զօր. Օննիկ Գասպարեան

2020-11-17
Image

Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ զօր. Օննիկ  Գասպարեան հրապարակած է ուղերձ մը, եւ այն յապաւուած կերպով կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Յարգելի հայրենակիցներ, զինակից ընկերներ. 2020թ. սեպտեմբեր 27-էն Ատրպէյճանի, անոր դաշնակից Թուրքիոյ եւ ներգրաւուած վարձկան-ահաբեկիչներու կողմէ սանձազերծած պատերազմը հայկական զինուած ուժերը ընդունեցին պատուախնդրօրէն ու պատերազմի առաջին իսկ վայրկեաններէն կատարեցին իրենցմէ կախուած հնարաւոր ու անհնարին ամէն ինչ։ Հայ զինուորն անձնուիրաբար մարտնչեց, կենաց մահու կռիւ տուաւ։

Որոշ գործիչներու կողմէ մեղադրանքներ կը հնչեն, որ զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը պետութեան ղեկավարին ոչ իրատեսական վերլուծութիւն ներկայացուցած է հակառակորդի գործողութիւններու հաւանական բնոյթի եւ անոր զինուած ուժերու կարողութիւններու վերաբերեալ։ Այդ իրականութեան չի համապատասխաներ։

Կատարուած վերլուծութեան հիման վրայ ներկայացուցած եմ առաջարկութիւններ պետութեան ռազմական անվտանգութեան աստիճանը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս նշեր եմ, որ.

1. Այլեւս մեր հակառակորդը միայն Ատրպէյճանը չէ, այլ նաեւ Թուրքիան: Հետեւաբար այդ պետութիւններու համահաւաք ռազմական ներուժին Հայաստանը չի կրնար արդիւնաւէտ դիմակայել եւ անհրաժեշտ է քաղաքական ու դիւանագիտական ողջ ներուժը ուղղել պատերազմէն խուսափելուն կամ գոնէ այն յետաձգելուն:

2. Տրուած առաջարկը անվտանգութեան խորհուրդի եւ վարչապետի կողմէ ընդունուեցաւ, սակայն հարցադրում եղաւ` «Իսկ եթէ չյաջողինք պատերազմէն խուսափիլ, ինչ պէտք է ընենք»: Ես պատասխանեցի, որ մեզի պարտադրուած պատերազմին պէտք է փորձենք հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ հասցնենք հակառակորդին մեծ կորուստներ եւ ստիպենք հրաժարիլ հետագայ գործողութիւններէ: Նշեր եմ, որ երկարատեւ պատերազմէն պէտք է խուսափինք` հաշուի առնելով մեր պաշարներու առկայութիւնը: Քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած են բազմաթիւ առաջարկներ, որոնց իրագործումը պէտք է զգալիօրէն բարձրացնէր մեր մարտական ներուժը. այդ կը վերաբերէր եւ սպառազինութեան ու ռազմական սարքերու ձեռքբերումներուն, եւ մարտական գործողութիւններու համակողմանի ապահովման:

3. Այդ ժամանակ բարձրացուեցաւ նաեւ հարիւր հազար կազմ ունեցող աշխարհազօրային միաւորումներու կազմաւորման հարցը:

Ինչեւէ, պատերազմէն մենք չկրցանք խուսափիլ եւ 27 սեպտեմբերին թշնամին բազմակի անգամ գերազանցող ուժերով անցաւ լայնածաւալ յարձակման` Արցախի ողջ ճակատով: Պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ ետ կը մղէր անոր բոլոր գրոհները` հասցնելով մեծ կորուստներ, ոչնչացնելով մեծաքանակ կենդանի ուժ եւ ռազմական սարք: Ցաւօք նաեւ մեր զօրքերն կը կրէին ծանր կորուստներ:

Պատերազմի չորրորդ օրը` անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ ես ներկայացուցի մեր կորուստները եւ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ զինուած ուժերու գնահատականը` նշելով, որ երկու-երեք օրուայ ընթացքին անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել պատերազմը կեցնելու համար, հակառակ պարագային այս աշխոյժութեամբ վարող մարտական գործողութիւններու պարագային մեր միջոցները սեղմ ժամկէտի մէջ կը սպառին, եւ իւրաքանչիւր յաջորդ օրերու ընթացքին պիտի ունենանք բանակցային գործընթացի համար աւելի ոչ բարենպաստ պայմաններ:

Նմանատիպ գնահատականներ ես բազմաթիւ անգամ ներկայացուցած եմ նաեւ վարչապետի հետ շուրջօրեայ աշխատանքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն:

Պատերազմը որոշակի փուլի կանգնեցնելու բոլոր փորձերը եւ առաջարկութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ մերժուած են եւ մենք պարտադրուած շարունակած ենք մարտական գործողութիւնները` փորձելով թշնամիին հասցնել մեծ կորուստներ ու ստիպել նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ:

Բոլորիս համար շատ ծանր պայմաններով համաձայնագիրը ընդունուած է իրօք իրադրութեան բազմակողմանի գնահատման հետեւանքով: Մենք պէտք է ընտրութիւն կատարէինք շատ վատի եւ ողբերգութեան միջեւ: Նախընտրեր ենք շատ վատը:

Այդ օրը իմ կեանքի վատագոյն օրն էր, ինծի համար անձնական ողբերգութիւն…