Պաքուի մէջ կը շարունակուի հայ գերիներու նկատմամբ շինծու գործով դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ կը շարունակուի հայ գերիներ Լիւտվիկ Մկրտչեանի եւ Ալիոշա Խոսրովեանի նկատմամբ դատավարութիւնը, կը հաղորդեն ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները:
Շինծու գործի շրջածիրէն ներս գերիներ Մկրտչեանն ու Խոսրովեանը կը մեղադրուին անմիտ յանցանքներու մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը Մկրտչեանը եւ Խոսրովեանը կը դատեն Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին մասնակցութեան համար: Նմանատիպ մեղադրանքներ կ'առաջադրուին բոլոր հայերու նկատմամբ, որոնք մասնակցած են պատերազմին: