Պաքուն անդրադարձած է Երեւանի մէջ Նենսի Փելոսիի այցին եւ յայտարարութիւններուն

2022-09-20
Image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է՝  անդրադառնալով ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Երեւան կատարած այցին եւ ըրած յայտարարութիւններուն ու նշած, թէ՝ անոր՝ «տարածաշրջանի մէջ իրավիճակը խեղաթիւրող յայտարարութիւնը խորապէս ափսոսանք կ'առաջացնէ»։

Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութիւնը չէ մոռցած նաեւ նշել, թէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ մեղաւոր է ոչ թէ Ատրպէյճանը, այլ Հայաստանը։

«Ընդհանրապէս Նենսի Փելոսին յայտնի է որպէս հայամէտ քաղաքական գործիչ, եւ Քոնկրէսի հայամէտ անդամներու առկայութիւնը անոր պատուիրակութեան կազմին մէջ ուղղակիօրէն ցոյց կու տայ այդ։ Կը թուի, թէ Փելոսին կ'օգտագործէ այս այցը իր ներքաղաքական օրակարգին եւ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպպիստական շրջանակներու աջակցութիւնը հաւաքելու համար:

Անընդունելի են քաղաքական ինթրիկները եւ ԱՄՆ շահերու լոպպինկը ներքաղաքական օրակարգի մէջ Հայաստանի միջոցով դէպի հարաւկովկասեան տարածաշրջան բերելը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ատրպէյճանական կողմը յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ Փելոսիի յայտարարութիւնները պէտք է դիտարկել որպէս հայկական քարոզչութեան հիման վրայ եղած յայտարարութիւն։

«Սա լուրջ հարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն։Այդօրինակ միակողմանի քայլերը եւ անհիմն յայտարարութիւնները չեն նպաստեր շրջանին մէջ փխրուն խաղաղութեան ամրապնդման, ճիշդ հակառակը՝ կը մեծցնեն լարուածութիւնը», յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Անգարա իր կարգին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայի միջոցաւ քննադատած է Փելոսիի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախումներունմասին յայտարարութիւնները կողմնակալ նկատելով եւ դիտել տալով, որ անոնք կը խափանեն դիւանագիտական ջանքերը:

Օքթայ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ Սպիտակ տունը պէտք է պարզաբանէ, թէ արդեօք «Փելոսիի եւ հայկական լոպիի աջակցութիւնը վայելող քանի մը քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները կ՛արտացոլացնե՞ն պաշտօնական Ուաշինկթընի տեսակէտը։ Կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային բոլոր դերակատարներուն՝ պատասխանատու կերպով գործելու այնպիսի փուլի, երբ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան կարիք կայ»: