Պաքուն կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը

2023-03-30
Image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի յայտարարութիւնը, որ հայերու կարծիքով՝ Ատրպէյճանը յարձակման կը պատրաստուի 2023 թուականի գարնան։

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավարը, հիմնուելով հայկական կողմի կեղծ եւ զրպարտչական յայտարարութիւններու վրայ, կարծիք յայտնած է, որ Ատրպէյճանը իբր կը պատրաստուի յարձակման, եւ ներկայացուցած է, թէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հիմնական խնդիրը Հայաստանը Ատրպէյճանէն պաշտպանելն է», -ըսած է Հաճիզատէն:

«Մենք բազմիցս ընդգծած ենք այս առաքելութեան չարաշահումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը խաթարելուն», - նշած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը իր մեկնաբանութեան մէջ։

Անոր խօսքով՝ «Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պէտք չէ ենթարկուի կեղծ ու զրպարտչական յայտարարութիւններուն եւ պէտք է գործէ իր մանթատի համաձայն»։

Հայաստանի մէջ  Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավարը, մինչդեռ, ոչ թէ ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի յարձակման, այլ՝ «շատ հայեր կը կարծեն, որ Ատրպէյճանի կողմէ գարնան յարձակում պիտի ըլլայ»: «Եթէ այդ տեղի չունենայ, մեր առաքելութիւնը արդէն յաջողած է», - ընդգծած է Ռիթըր: