Պլինքըն ՀՀ–ի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն առաջարկած է մինչեւ սեպտեմբերի վերջ կրկին հանդիպիլ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով խաղաղ գործընթացին վերադառնալու կարեւորութիւնը։
Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս։
Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ։
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ընդունած է Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ վերջերս տեղի ունեցած մարտերէն ետք առաջին ուղիղ բանակցութիւններու համար։ Նախարար Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու կապակցութեամբ եւ ընդգծած հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով խաղաղ գործընթացին վերադառնալու կարեւորութիւնը։ Անոնք քննարկած են հետագայ քայլերը, եւ Պետական քարտուղարը կոչ ըրած է կողմերուն մինչեւ այս ամսուայ վերջ հանդիպելու եւս մէկ անգամ», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։