Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի, Շառլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը

2022-04-06
Image

Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եռակողմ հանդիպումը:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն առանձնազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհիւրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են այսօր նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման եւ կարևորած  երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Կողմերը յոյս յայտնած են, որ այսօրուայ եռակողմ բանակցութիւնները կ'ըլլան արդիւնաւէտ, որ կը նպաստէ կայունութեանն ու խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:

Յիշեցնենք, Փաշինեան, Միշելն ու Ալիեւը Պրիւքսէլի մէջ եւս մէկ հանդիպում ունեցած էին նախորդ տարեվերջին, Դեկտեմբեր 14-ին, որուն յաջորդած էր նաեւ Փաշինեանի ու Ալիեւի՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումը: