Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կանգնեցուց հակամարտութիւնը. Փութին

2021-06-23
Image

Ռուսաստանի ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ վճռորոշ էր, կը կարծէ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:

«Ռուսաստանի վճռորոշ ներդրմամբ հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դադրեցաւ»,- ըսած է ան միջազգային անվտանգութեան հարցերով Մոսկուայի IX համաժողովի մասնակիցներուն եւ հիւրերուն հասցէագրուած տեսաուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին մէջ։

Փութինը նշած է, որ ռուս խաղաղապահները յուսալիօրէն կ'երաշխաւորեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ, շատ բան կ'ընեն մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման, տարածքներու ականազերծման եւ ընկերային ենթակառուցուածքներու վերականգնման համար, աւելցնելով, որ  Ռուսաստանը երբեք չի մոռանար պատասխանատուութեան մասին, որ միտուած է հարեւան երկիրներու անվտանգութեանն ու բարգաւաճման:

«Անոնց հետ մեզի կը միաւորեն պատմական, մշակութային եւ մարդկային կապերը»,-ըսած է Փութինը: