Ռուսաստանն աշխոյժօրէն կը նպաստէ սահմանային շրջաններու մէջ առկայ խնդիրներու լուծման

Ռուսաստանը աշխոյժօրէն կը նպաստէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի կարգաւորման եւ պիտի շարունակէ նոյն ոգիով: Այդ մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ:
Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ կողմերը մանրակրկիտ քննարկած են իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին: «Երկու կողմէն կայ շահագրգռուածութիւն բանակցութիւններու միջոցով սահմանային միջադէպն արագօրէն կարգաւորելու հարցով:
Վլատիմիր Փութինն ընդգծած է, որ ռուսական կողմը, որպէս միջնորդ, աշխոյժօրէն կը նպաստէ իրավիճակի կարգաւորմանն ու պիտի շարունակէ գործել նոյն ոգիով: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել այդ եւ այլ հարցերու շուրջ շփումները»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: