Ռուս խաղաղապահները հնարքներ մշակած են՝ անօդաչուներու յայտնաբերմանն ու հնարաւոր յարձակումներու կանխմանն ուղղուած. ՌԴ ՊՆ

2021-08-30
Image

 Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստուածութեան պարապմունքներու շրջածիրէն ներս վարժանքներ իրականացուցած են՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անօդաչուներու կիրառմամբ հնարաւոր խախտումները կանխելուն եւ Լաչինի միջանցքի դիտակէտերուն մէջ անվտանգութեան ապահովման: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդուի, վարժանքները իրականացուած են 6 ուսումնական կէտի մէջ: Զինծառայողները նոր ռազմավարական հնարքներ եւ գործողութիւններ մշակած են՝ ուղղուած տեղակայման վայրէն դուրս գալուն, զրահափոխադրիչներուն մէջ տեղաւորուելուն, պայմանական յարձակողը շրջափակելուն եւ դիտակէտի դէմ հնարաւոր յարձակումը կանխելուն:

Ուսումնավարժանքի շրջածիրէն ներս իրականացուած գործողութիւններու առանձնայատկութիւնը անօդաչու թռչող սարքի բացայայտման համար կատարուող հնարքներն էին: