Սուրէն ՊապիկեանըՆենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցած է սահմանային իրադրութիւնը

18 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սուրէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փելոսիին՝ իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար:
Ան Փելոսիին ներկայացուց ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, իսկ Փելոսի իր կարգին անդրադարձաւ այս իրավիճակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: