Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը

Մարտ 13-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է «Ռասմուսեն Կլոպալ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ եւ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտըրս Ֆոկ Ռասմուսենը ու կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հիւրի խնդրանքով պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ ատոնց հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը: Հանդիպման քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր: