Վաղը կը մեկնիմ Հայաստան․ Նենսի Փելոսի

2022-09-16
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին հաստատած է իր՝ Հայաստան կատարելիք այցի մասին լուրերը: Այս մասին գրում է «ԹԱՍՍ»-ը:

«Չէի գիտեի, որ իմ այցի ծրագիրը հրապարակուած է։ Վաղը կը մեկնիմ Հայաստան»,- ըսած է Փելոսին։

Նա նշած է, որ հայկական կողմէն հրաւէրը վաղուց ստացած է։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ  Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի այս շաբաթավերջին Հայաստան պիտի այցելէ՝ զօրակցութիւն յայտնելու համար Երեւանին, որուն արեւելեան սահմանային շրջանները ատրպէյճանական յարձակումներու ենթարկուեցան այս շաբթուան ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»ն:

Փելոսիին պիտի ընկերանայ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներուն հետ Քոնկրեսին ներկայացուց Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող եւ Պաքուին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները կասեցնել պահանջող բանաձեւը։

Կ՛ակնկալուի, որ Փելոսի եւ Սփիր հանդիպում ունենան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։

Սփիր եւ Հայկական համախմբումի միւս համաատենապետները մէկ օր առաջ խստօրէն դատապարտած էին ատրպէյճանական յարձակումները եւ միջազգային համայնքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը։

Այցելութեան մասին «Փոլիթիքօ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Փելոսիի բանբերը յայտնեց, թէ ապահովական նկատառումներով՝ չի կրնար հաստատել կամ հերքել զայն։