Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

2020-09-29
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութենէն։

Վարչապետը մանրամասն անդրադարձած է Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակման հետեւանքով տեղի ունեցող զարգացումներուն: ՌԴ նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ եւ կարեւորած է հրադադարի ռեժիմի պահպանումն ու լարուածութեան ապասրման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը: