Փաշինեանի հասցէին եղած դաւաճանութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են. Փութին

2020-11-18
Image

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը խոստովանած է, որ չէ հասկցած՝ ինչու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած է խաղաղ փախստականները Շուշի քաղաք վերադարձնելու Ատրպէյճանի պայմանին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Փութինի խօսքով՝ Շուշիի հարցը ծագած էր այդ հակամարտութեան, այդ ճգնաժամի ընթացքին: «19-20 Հոկտեմբերին ես հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ ինչպէս նախագահ Ալիեւի, այնպէս ալ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Այդ ժամանակ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը վերահսկողութիւն սահմանած էին Ղարաբաղի հարաւային մասի շարք մը տարածքներուն վրայ,-պատմած է Ռուսաստանի նախագահը:-Ընդհանուր առմամբ, ես յաջողած էի համոզել նախագահ Ալիեւը, որ կարելի է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները, սակայն անոր կողմէ պարտադիր պայման էր փախստականներու վերադարձը, այդ շարքին՝ քաղաք Շուշի»:

«Ինծի համար անսպասելիօրէն մեր հայ գործընկերներու դիրքորոշումը ձեւակերպուած էր այնպէս, որ այդ իրենց համար անընդունել էր, եւ վարչապետ Փաշինեանը ըսաւ, որ ատոր մէջ սպառնալիք կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի համար: Ինծի համար այժմ նոյնպէս անհասկնալի է՝ ինչն էր այդ սպառնալիքը՝ նկատի ունենալով, որ կ'ենթադրուէր խաղաղ քաղաքացիներու վերադարձը, երբ պէտք է հայկական կողմը հսկողութիւն սահմաներ Ղարաբաղի տուեալ տարածքին մէջ, ներառեալ՝ Շուշիի, եւ նկատի չունենալով մեր խաղաղապահներու ներկայութիւնը»,-նշած է Փութինը: «Ինծի վարչապետն այդ ժամանակ ըսած էր. «Ոչ, չենք կրնար այդ ընդունիլ, մենք կը պայքարինք, կը պատերազմինք»: Այդ պատճառով անոր հասցէին եղած ինչ-որ դաւաճանութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են,-համոզուած է Փութինը: «Խնդիրը այլ է՝ ճիշդ էր, թէ սխալ, բայց այդ հարցով խօսք նոյնիսկ չէր կրնար ըլլալ ինչ-որ դաւաճանութեան մասին»,-համոզուած է ՌԴ նախագահը: