Փաշինեանն ու Միշելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

2023-02-17
Image

Աշխատանքային այցով Միւնիխ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցերու:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ 16-19 փետրուարին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Միւնիխ, ուր պիտի մասնակցի Միւինխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան: