Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպմէն առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի 43 պատգամաւորներ նամակ յղած են Շարլ Միշելին եւ Պորելին

2022-04-07
Image

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Ֆրանսուա-Քսավիէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի 43 երեսփոխաններ` բոլոր գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին` Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ:

Երեսփոխանները ահազանգեցին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուող ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ: Անոնք Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն կոչ ուղղեցին` օգտագործելու միութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր լծակները Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար, որպէսզի այդ երկիրը վերջ տայ Արցախի մէջ իր յարձակողական քաղաքականութեան, անյապաղ ետ քաշէ իր զինուած ուժերը ելման դիրքեր եւ դադրեցնէ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ վտանգել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը: