Փաշինեան զանգած է Էրտողանին. Թուրքիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր

2023-02-07
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Վարչապետը ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն է յայտնել Թուրքիայի նախագահին եւ ժողովրդին՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններում տեղի ունեցած hուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի կապակցութեամբ: Փաշինեանը շուտափոյթ ապաքինում է մաղթել բոլոր վիրաւորներին եւ յաւելել, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանից թռիչքի է պատրաստւում Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ուժերին աղէտի գօտի տեղափոխող ինքնաթիռը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան ՀՀ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակցութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ երկխօսութեան խորացման տեսանկիւնէ: