Փաշինեան կարեւորած է Ռուսիոյ հասցէական արձագանգը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը:
Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Մարտ 5-ին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ծիրին մէջ ՀՀ վարչապետը կարեւորած է Ռուսիոյ կողմէ հասցէական արձագանգը:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր: