Փարիզը պիտի շարունակէ նպաստել Երեւանի եւ ԵՄ միջեւ համագործակցութեան

Ֆրանսայի դեսպանութիւնը թուիթըրեան էջով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը՝ Ամանորի առթիւ․
«Անն Լույօն եւ դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան, բարգապաճման իրենց բարեմաղթանքները գալիք՝ 2022 թուականի համար»։
Թուիթըրեան էջով նաեւ կ'ըսուի՝ Ֆրանսան, որ վերջերս ստանձնած է Եւրոպայի խորհուրդի նախագահութիւնը, պիտի շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ ՀՀ-ի ու ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման։