Փեսքովը` Փութինի ու Փաշինեանի հանդիպման մասին

ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը կարեւորած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ռուսաստան՝ նշելով, որ անոր հանդիպումը Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի պիտի ունենայ կէսօրին: Այս մասին գրած է Ռիա Նովոստին։
«Կէսօրին կը նախատեսուի հանդիպում Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի հետ, որ աշխատանքային այցով Մոսկուա է: Սա պիտի ըլլայ շփում Փաշինեանի հետ, իսկ ետքը անոնք պիտի շարունակեն շփումը, նախագահն ու վարչապետը, աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով», — ըսած է Փեսքով։
«Սա կարեւոր է, եւ, ըստ էութեան, առաջին արտասահմանեան այցն է, որ կը կատարէ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելէ ետք, բաւականին վստահ, համոզիչ յաղթանակ», — աւելցուցած է ան:
Փութին-Փաշինեան բանակցութիւններէն ետք փաստաթուղթերու ստորագրում չի նախատեսուիր, անոնք պիտի քննարկեն իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ, ռուսական զօրքերու տեղակայումը եւ երկկողմ յարաբերութիւնները: «Ոչ, սա հաղորդագրութիւն է, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Ի հարկէ, պիտի քննարկուի Ղարաբաղը, եւ պիտի քննարկուին այնտեղ տեղակայուած ռուս զինուորականներու հարցը, եւ ընդհանրապէս երկկողմ յարաբերութիւնները, բայց չի նախատեսուիր փաստաթուղթերու ստորագրում»,-ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ կը նախատեսուի, որ հանդիպումէն ետք պայմանագիր ստորագրուի ռուս խաղաղապահներու մէկ այլ խումբ մտցնելու մասին: