Փրակի մէջ ոչ պաշտօնական հանդիպում կայացած է Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանաի ղեկավարներու միջեւ

Թելեկրամեան ալիքներու վրայ տարածուած է Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ ոչ պաշտօնական լուսանկար՝ Փրակի «Եւրոպական քաղաքական համայնք»ի համաժողովէն։
Զրոյցին մասնակցած է նաեւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթըր Օրպան։
Սեղանին դրուած է ալպանացի գրող Լէա Իփիի «Free: Coming of Age at the End of History» գիրքը։
Աւելի ուշ զրոյցին միացած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։
***
5 Հոկտեմբերին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Փրակի մէջ տեղի պիտի ունենայ իր, Ֆրանսայի նախագահի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քառակողմ հանդիպումը:
«Նաեւ նախատեսուած է հանդիպում Թուրքիայի նախագահի հետ։ Եթէ որեւէ բան չփոխուի, հիմնական հանդիպումները կը լինեն այս ուղղութիւններով, որն ընդհանուր խաղաղութեան օրակարգի քննարկման մէջ է տեղաւորւում»,- 5 hոկտեմբերին ԱԺ-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած էր ՀՀ վարչապետը։