Ֆրանսայի ԱԳՆ պետական քարտուղարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցին

2021-01-28
Image

Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան Պաթիստ Լըմուանի խօսքերով՝ իրենք հայ գերիներու հարցը կը բարձրացնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ զրոյցներու ժամանակ, երբ այդ հնարաւորութիւնը կը ստեղծուի:

Այս մասին Լըմուանը խօսած է Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

«Բնականաբար, այդ հարցը կ'արծարծենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ, հազիւ այդ հնարաւորութիւնը կ'ունենանք: Ամէն պարագային, երկու կողմերուն հետ ալ մեր յարաբերութիւններուն մէջ ամէն ինչ կը դնենք սեղանին, կը քննարկենք բոլոր հնարաւոր հարցերը: Ռազմագերիներու հարցով գլխաւոր մանտաթը ԿԽՄԿ-ն ունի եւ իրենք կ'աշխատին այդ ուղղութեամբ, բայց, բնականաբար, մենք ալ ամէն հնարաւորութեան պարագայի կ'արծարծենք այդ հարցը»,- ըսած է ԱԳՆ պետքարտուղարը: