Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատուիրակութիւն պիտի ուղարկէ դէպի Հայաստանի սահմաններ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լեքորնուի հետ։ Այս մասին դիմատետրեան գրառում կատարած է Ֆրանսացի նախարարը։
«Մենք քննարկած ենք իրավիճակը Ատրպէյճանի հետ սահմանին, ուր ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին եւ ատրպէյճանական ուժերը վերադառնան իրենց սկզբնական դիրքեր»,– գրած է ան։
Սեպասթիան Լեքորնուն նաեւ յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին ինքը յայտարարած է իրավիճակը գնահատելու նպատակով Հայաստան շտապ կարգով պատուիրակութիւն գործուղելու մասին։