Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը. Անն Իտալկօ

2021-10-04
Image

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, որ 2022-ին պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն, շեշտեց, որ Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Այս մասին ան գրած է Թուիթըրի իր էջին, տեղադրելով ֆրանսացի յայտնի փիլիսոփայ, գրող Պեռնար-Հանրի Լեւիի՝ «Le Point»-ի մէջ հրապարակուած «Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը» վերնագրով յօդուածը եւ գրած է. «Միանշանակ համաձայն եմ, Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը»:

Պեռնար-Հանրի Լեւին իր յօդուածին մէջ շեշտած է, որ Ֆրանսան յարձակման ենթարկուած հայկական կողմին աջակցելու համարձակութիւն պէտք է գտնէ, նաեւ նշած, որ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանին սատարելը քաղաքական, բարոյական եւ գրեթէ մեթաֆիզիքական հրամայական է»: