Ֆրանսան միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով հանդէս եկաւ

Ֆրանսան կոչ ըրած է վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը՝ առանց նախապայմաններու: Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ֆրանսան կոչ կ'ընէ առանց որեւէ նախապայմանի վերականգնելու Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարումը` այնտեղի բնակիչներու իրաւունքները պահպանելով»,- յայտնած են Ֆրանսայի ԱԳՆ-էն:
Փարիզի մէջ նաեւ յիշեցուցած են կրակի դադարեցման մասին` 9 նոյեմբեր 2020-ին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու պահպանման անհրաժեշտութեան մասին:
«Ատրպէյճանը պարտաւորուած է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը»,- ընդգծուած է Ֆրանսայի արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ: