2021-ին Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ փոխադարձ առեւտուրն աճած է 12,7%-ով եւ կազմած 2,5 միլիառ տոլար

2022-04-13
Image

Ռուսաստանի Դաշնութիւն կատարած այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանն ու նախարարի տեղակալ Նարեկ Տէրեանը հանդիպած են ՌԴ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրովի հետ։

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ներկայ վիճակը, ինչպէս նաեւ համատեղ գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները:

2021 թուականին Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ փոխադարձ առեւտուրն աճած է 12,7%-ով եւ կազմած 2,5 միլիառ տոլար։ Ռուսական արդիւնաբերական արտադրանքի արտահանումը տարեկան կտրուածքով աճած է 14%-ով, իսկ հայկական ապրանքներու ներմուծումը նոյնպէս աճ գրանցած է՝ աւելնալով 10%-ով։

Հանդիպման ընթացքին Վահան Քերոբեանը գոհունակութեամբ ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ ընթացիկ տարուան Յունուար-Փետրուարին գրանցուած առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու էական աճի փաստը եւ անհանգստութիւն յայտնած  Մարտին ցուցանիշերու նկատելի նուազման առիթով՝ առաջարկելով աշխատանքներ իրականացնել հրատապ վերացնելու նուազման պատճառները  եւ վերականգնելու աճը։

Զրուցակիցներն առանձին անդրադարձած են տարբեր ոլորտներում իրականացվող մի շարք համատեղ ծրագրերին։ Տենիս Մանթուրովը կարեւորած է համագործակցութեան զարգացումը հանքարդիւնաբերութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսական մեքենաշինութեան ոլորտներուն մէջ։

Հանդիպման աւարտին Տենիս Մանթուրովը Վահան Քերոբեանին հրաւիրած է է մասնակցելու Թաշքենտի մէջ կայանալիք «INNOPROM. Կեդրոնական Ասիա» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին։