Freedom House դատապարտած է Ատրպէյճանի վարմունքը

2022-03-28
Image

Միջազգային իրաւապաշտպան Freedom House կազմակերպութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումը: Այս մասին կազմակերպութիւնը գրառում կատարած է Թուիթըրի էջով:

«Ատրպէյճանը պէտք է կանխէ մարդասիրական ճգնաժամը` վերականգնելով կազի անխափան մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար, որ արդէն շաբաթներ է` կը տառապի սառնամանիքին, առանց ջեռուցման ու տաք ջուրի», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Արցախի տարածքին Մարտ 8-էն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տեղանքին մէջ` Շուշիի մօտ տեղի ունեցած կազատարի վթարի հետեւանքով կազի մատակարարումը դադրեցուած էր: Ատրպէյճանական կողմը օրեր շարունակ թոյլ չէր տար մտնել վթարի վայր ու վերանորոգել խողովակը: Կազի բացակայութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած էր Արցախի բնակչութեան համար: Մարտ 18-ին հաղորդուեցաւ կազատարի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին մասին, յաջորդ օրուընէ կազամատակարարումը վերականգնուեցաւ: Սակայն աւելի ուշ Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարութիւն տարածեց` յայտնելով, որ Արցախի կազամատակարարումը կրկին դադրեցուած է` Ատրպէյճանի ուղիղ միջամտութեան հետեւանքով: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հիմքեր կան ենթադրելու, որ կազատարի վերանորոգման ընթացքին Ատրպէյճանը փական տեղադրած է կազատարին վրայ, որու միջոցով ալ դադրեցուցած է կազամատակարարումը: