«Վստահ եմ, որ մարդկութիւնը պիտի յաղթանակէ այս ժահրին ու անոր թողած հետեւանքներուն» Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան
«Ռամկավար Մամուլ»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան:
- Ընկ. Մկրտիչեան, Նիւ Եորքի համայնքը բաւական հայութիւն ունի: Ի՞նչ տեղեկութիւններ կու տաք ձեր համայնքի մասին:
Ես կը ներկայացնեմ Նիւ Եորքի հայ համայնքը: Երբ ըսենք Նիւ Եորքի հայ համայնք, մենք կը հասկնանք Նիւ Եորք քաղաքը իր հինգ արուարձաններով, Քոնեքթիքըթի հարաւային մասը եւ Նիւ Ճըրզին: Աշխարհագրական այս շրջանին մէջ, ոչ պաշտօնական տուեալներով, բայց գիտենք եւ կ'ընդունինք, որ 150 000-էն աւելի հայեր կը բնակին: Մենք ունինք 15-էն աւելի եկեղեցիներ, ունինք հայ աւանդական կուսակցութիւնները, ունինք մեր զոյգ առաջնորդարանները՝ Էջմիածնական եւ Կիլիկեան թեմի, ունինք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան միջազգային կեդրոնական գրասենեակը եւ բազմաթիւ տարբեր կազմակերպութիւններ:
- Ձեր համայնքը ամէն տարի շարք մը ձեռնարկներ կը կազմակերպէ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին: Այս տարի ներկայ պայմաններու պատճառով, արդեօք տեղի՞ պիտի ունենան այդ միջոցառումները:
Մարտ 16-էն Ապրիլ 26 ժամանակամիջոցին համար, նախատեսուած եւ ծրագրուած էր, ըստ մեր , 25-է աւելի միջոցառումներ եւ ձեռնարկներ, ըլլան գեղարուեստական, գրական, մշակութային, թատերական, կամ քաղաքական: Բայց այսօրուայ տուեալներով, դժբախտաբար, այդ բոլոր ձեռնարկները,ե՛ւ յետաձգուած են ե՛ւ առկախուած, եւ այսօրուայ տուեալներով, չենք գիտեր եթէ կամ երբ այդ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան, թէ ոչ։
Ես 40 տարի է, որ կ'ապրիմ այս շրջանին մէջ: Մեր համայնքին համար, Ապրիլ ամսուայ ամէնէն կարեւոր միջոցառումը միշտ եղած է Մեծ Եղեռնի յուշահաւաքը, որ տեղի կ'ունենայ Ապրիլ 24-ի ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը, որ այս տարի պիտի ըլլար Ապրիլ 26-ին: Արդէն ծրագրուած էր եւ կազմակերպումը սկսած, բայց այսօրուայ տուեալներով, կը կասկածիմ, որ տեղի կ'ունենայ: Այդ մեզի համար մեծ կորուստ մը կը սեպեմ ես, որովհետեւ մօտէն գիտեմ աշխատանքը եւ կարեւորութիւնը այդ ձեռնարկին:
- Վերջերս, ինչպէս ողջ աշխարհը, նմանապէս Նիւ Եորքը կը տագնապի «Քորոնա» ժահրի վարակէն: Հայութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի այս հարցին:
Ինչ կը վերաբերի մեր համայնքին եւ այս «Քորոնա» ժահրի վնասներուն, ճշգրիտ թիւեր դժբախտաբար չունինք, որովհետեւ, ինչպէս դուք բոլորդ, մենք ալ արգելափակուած ենք մեր տուներուն մէջ եւ կորսնցուցած ենք մեր բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու հնարաւորութիւնը ու նաեւ խնդիր կ՚ունենանք մեր համայնքի առօրեայ տեղեկութիւնները տարբեր շրջաններէն ստանալու տեսակէտէն։ Տուներու մէջ փակուած ենք եւ մեր լաւագոյնը կ'ընենք, կապ պահելու մեր միւս բարեկամներուն հետ։ Կ՚օգտուինք համացանցի ընձեռած միջոցներէն եւ շաբաթը քանի մը անգամ խմբային խօսակցութիւններ եւ ժողովներ կը կազմակերպենք: Բոլորսմեր ժամանակը կ'անցընենք ընթերցանութեամբ, հեռատեսիլի դիմաց նստելով, դժբախտաբար քիչ մը պէտք եղածէն աւելի: Սակայն մեր լաւագոյնը կ'ընենք, որ մեր առողջութիւնը նախ ամէն բանէ առաջ դասենք, վտանգէն հեռու կ'ուզենք պահել մենք զմեզ, այդ յոյսով, որ մօտիկ ապագային, աշխարհով մէկ մարդկութիւնը պիտի յաղթահարէ այս ժահրը եւ իր բոլոր պատճառած վնասները: Վստահ եմ, որ համաճարակով պայմանաւորուած այս նոր կենսակերպը որոշ բաներ պիտի սորվեցնէ մեզի, եւ մեր ապագայի գործունէութիւնն եւ կազմակերպչական աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: