Հայ Գրողի Ու Հասարակական Գործիչի Ափիւռքէն Բարձրացող Զգաստութեան Ձայնը

2026-08-04
Image
Panos Titizian

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ներածական – Ներկայիս Հայաստանի քաղաքական կեանքը շփոթ եւ բեւեռացած վիճակ մը ունի: Շատ մը մեկնաբաններ, հացազրոյց ընողներ ու բանիմաց մտաւորականներ ու թղթակիցներ իրենց մտածումները կը պարզեն հայրենի ժողովուրդին: Սակայն այն ինչ կը պակսի, առաջնորդող, ճամբայ բացող ղեկավարութիւնն է: Այդ բոլորին մէջ Սփիւռքը գրեթէ խօսք չունի: Պարզուած այդ երեւոյթն է որ զիս կը ստիպէ ձայն բարձրացնելու:

Ինչու՞ ես ինծի ձայն բարձրացնելու իրաւունքը կու տամ: Այդ մէկը բնականաբար լուրջ բացատրութեան կը կարօտի: Ամէն բանէ առաջ ըսեմ որ հարիւր տարեկան եմ եւ մօտէն հետեւած միջազգային ու հայկական կեանքի ելեւէջներուն: Քանզի, չորս տարեշրջան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը առաւելաբար, հետեւած եմ ընկերային գիտւթեանց: 1940-ական վերջին եւ 1950-ական սկզբնական շրջանին: ժամանակ մը, յետ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին, երբ Ամերիկան «Նոր աշխարհակարգ» ընկերային կարգ ու սարգ կը կազմաւորէր, այդ օրերուն, կարգ մը համաշխարհային համբաւ ունեցող մասնագէտներ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը դասախօսներ եղան ընկերային գիտութեանց ճիւղերուն: Ես չորս տարի հետեւեցայ ընկերային գիտութեանց, զորս շատ կը սիրէի: Մեծ առանձնաշնորհում: Այն ժամանակ, Պէյրութը sophisticated բացառիկ քաղաք մըն էր: «Միջին Արեւելքի Փարիզը» կոչուած: Հոն դիւրութեամբ կրնայիր ձեռք ձգել Le Monde Diplomatic, The Foreign Affairs, the Economist, Time News Weekly, եւայլն: Ես այդ երիտասարդ տարիքիս ձեռք կ'անցընէի այդ համաշխարհային հրատարակութիւնները ու կը սերտէի լրջօրէն եւ հետեւողականօրէն: Բան մը, որ առանց չափազանցութեան, անընդմէջ, կը շարունակեմ: Պատանեկութեանս վաղ օրերէն սկսեալ յաճախեցի նաեւ Կիպրոսի Մէլգոնեան կրթական Հաստատութիւնը, ուր կարգ մը Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած արեւմտահայ մտաւորականներ կը դասախօսէին: Շնորհիւ այդ առաւելութիւններուն, հայու ոգին եւ ազգին ծառայելու կիրքը պիտի ամրապնդուէր մէջս:

Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, կը խորհիմ թէ իրաւունք կ'ունենամ ձայն բարձրացնեըու Սփիւռքէն:

Այժմ անցնինք ժամանակակից պատմութեան՝ 2018-2026, 2026 Յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:

Այժմ սկսինք աւելի մասնայատուկ կերպով խօսիլ:

2018-էն ետք, երբ Հայաստանի մէջ Թաւշեայ Յեղափոխութիւն-ը տեղի ունեցաւ, անդունդին ծայրը հասած մեր հայրենի ժողովուրդը պոռթկաց, Նիկոլ Փաշինեան այդ պոռթկումի ալիքին վրայ նստած, իշխանութեան հասաւ, երկրին տնտեսութիւնն ու քաղաքական կեանքը մենաշնորհ դարձուցած Օլիկարգներու բռնատիրական կարգերը փուլ եկան: Յորմէ յետոյ, մասսայական յեղաշրջումներ տեղի ունեցան: Լեռնային Ղարաբաղը 2020-ին բռնկեցաւ: Ազրպէյճանը թիկունք ունենալով Թուրքիան եւ Իսրայէլը, աւելի արդիական հզօր բանակով գրաւեց Շուշին: Այդ կէտին, Ռուսիա իր օդային ուժով պիտի միջամտէր, Ազրպէյճան մուտք պիտի գործէր եւ Արցախի հայ կառավարութիւնը պիտի փրկէր: Ան պիտի արգիլէր Անգարային նոյնը ընելու: Միջանկեալ ըսեմ, որ 2022-ին Ռուս մասսայական բանակը Ուքրանիոյ վրայ պիտի յարձակէր: Քանի մը օրուայ ընթացքին Ուքրանեան գրաւելու ծրագիրը չարաչար պիտի ձախողէր: Ռուսիան այլեւս առաւելաբար պիտի կլանուէր Ուքրանիոյ պատերազմով: Ռուսիան այլես սկսած էր տկարանալ Հարաւային Կովկասի մէջ: Իրերու այս դրութեան մէջ, Պաքուն պատեհ առիթ նկատեց կայծակնային արագութեամբ ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու 2023-ին: Միշտ կռնակ ունենալով Անգարան եւ Իսրայէլը: Այլեւս Իլհամ Ալիէւը դարձած էր ամբարտաւան: Ան կը սպառնար Հայատանի կարգ մը տարածքներուն: Ռուսաստան, ի միջի այլոց, Հայաստանի հետ փոխադարձ ռազմական պաշտպանութեան դաշինքը չյարգեց (կամ չկրցաւ յարգել):

Ի տես վերոյիշեալ դժբախտ իրադարձութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը պիտի որդեգրէր այսպէս կոչուած Diversified արտաքին քաղաքականութիւն, որ կը նշանակէր այլես հեռանալ Ռուսիայէն եւ միաժամանակ մօտենալ Եւրոպային: Քաղաքականութիւն մը, որ կը շարունակուի առանց դադարի: Եւ Եւրոպան ալ իր կարգին սկսաւ օժանդակել Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան, տնտեսապէս, նիւթապէս ու ապահովական տեսակէտով:

Լեռնային Ղարաբաղի անկումով հսկայ աշխարհա-քաղաքական պարապ մը կը գոյանար Հարաւային Կովկասի մէջ: Այդ քաղաքական պարապը թուրքիան էր որ պիտի գոցէր առաւելաբար: Այսպէս, Թուրքիան, առաջին անգամն ըլլալով ոտք պիտի դնէր Հարավային Կովկաս: Մասամբ՝ նաեւ Եւրոպան:

Ի՞նչ էր Տոնալտ Թրամբի ձեռնարկած նոր քաղաքականութիւնը: Միջանկեալ ըսենք որ Թրամբ յայտարարած էր որ մէկ օրուայ ընթացքին վերջ պիտի դնէր Ուքրանիոյ պատերազմին Վլատիմիր Փութինի համաձայնութեամբ: Նախագահ Թրամբ յուսախաբ եղած էր Նախագահ Փութինէն: Նախագահ Թրամբի ներկայ վարչակարգը, իր առեւտրական ու ռազմաքաղաքական նպատակներով, ուզեց բանալ ճամբան (նախկին Silk Road-ը) Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա եւ անկէ ալ անդին: Այդ գործընթացով, Ռուսիան հեռու պահել Հարաւային Կովկասէն: Ռուսիան այլեւս դադրած էր Հարաւային Կովկասի տէրն ըլլալէ եւ Հարաւային Կովկաս, ի մասնաւորի Հայաստան, այլեւս դադրած էր երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող, Ռուսաստանի մէկ ծայրամասը ըլլալէ: Ան այլեւս դարձած էր կենսական կարեւորութիւն ունցող հողատարածք մը: Ան, ոչ միայն Ազրպէյճանը կը կապէր Նախիջեւանին այլ նաեւ Հայկական Սիւնիքի այսպէս կոչուած «Թրամբի Ճամբուն»: Այդ նպատակին իրագործման համար, Նախագահ Թրամբ Ուաշինկթըն պիտի հրաւիրէր Իլհամ Ալիէւն ու Նիկոլ Փաշինեանը, համաձայնագիր կնքելու եւ իրենց տարակարծութիւնները ոչ թէ կռիւով, այլ խաղաղ գործընթացով լուծելու: Ամերիկեան այս քաղաքականութեամբ, անապահով ու մասնահատուելու վտանգին ենթակայ Հայաստանը այլեւս կը դառնար գերիշխան, ազատ, ժողովրդավար ու ամբողջական: Ամերիկայի ներկայ վրչակարգը, բացայայտօրէն, կատարեալ ու յստակ բառերով ինքզինք Հայաստանի պաշտպան կը յայտարարէր: Նոյնը պիտի ընէր Ամերիկայի Պետական Քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ: Հայաստանի Զուարթնոց օդանաւակայանին մէջ ան երեք դաշնագիր պիտի կնքէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ: Այդ կարճ զգայացունց երեք դաշնագրով կ'երաշխաւորուէր Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Ամերիկան պաշտպան կը կանգնէր Հայաստանին: Ի միջի այլոց, Ռուսիոյ ազդարարելով որ չփորձուի իր Հայաստանի արբանեակներով Վարչապետ Փաշինեանի ժողովրդավարական վարչակարգը տապալելու: Բան մը, որ ան ինքնին նպատակ ըրած էր:

Այսօր կարաւանը կը քալէ: Նիկոլ Փաշինեանը 2026-ի ժողովրդավարական ընտրութիւններուն մէջ շահեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն: Հայաստան տարուէ տարի նշանակելի տնտեսական աճ կ'արձանագրէ: Ճարտարարուեստական մարզը արագ կը զարգանայ, Հայաստանը Հարաւային Կովկասի Silicon Valley-ն կը նկատուի: Թուրիզմը կը շարունակէ արագ աճիլ: Ուսումնական եւ Թէքնոլոժիք առումով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը եւ ստեղծարար Թէխնոլոկիաներու Թումոյի ճիւղաւորուող կեդրոններու ցանցը համաշխարհային վարկ կը վայելէ: Արհեստական Բանականութեան աշխարհի մեծագոյն կեդրոնի շինարարութիւնը Գեղարքունիքի շրջանին մէջ, 4 միլիառ ամերիկեան տոլարի ներդրումով, արդէն իր աւարտին հասած է եւ յառաջիկայ ամսուն տեղի պիտի ունենայ անոր հանդիսաւոր բացումը յարակից աննխընթաց հանդիսութիւններով: Փայլուն օրինակ մը՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան: Աշխարհի տարբեր կողմերէն Հայաստան այցելողեր կը վկայեն երկրի ապահով, հանգիստ եւ հիւրասէր ապրելակերպի առաւելութիւններուն մասին: Երիտասրդ ընտանիքներու համար գրաւիչ դարձած է Հայաստան հաստատուելու հեռանկարը: Վերջապէս, ներկայիս Չինաստան, Ֆրանսա, Գանատա, Ամերիկա եւ մանաւանդ Եւրոպա, պաշտպան կը կանգնին մեր երկրին: Հայաստան այսօր իր ուրոյն ռազմական արդիական զէնքերը կ'արտադրէ: Բանակը արդիականացումի եւ հզօրացման ընթացքի մէջ է:

Ահա երկրին ներկայ պատկերը:

Սակայն եւ այնպէս, այսօր Ռուսիան կարելի անմէն միջոցի կը դիմէ Հայաստանի իր արբանեակներուն` ընդիմութեան միջոցաւ Misinformation/hybrid war յառաջ տանելու եւ խանգարելու համար Նիկոլ Փաշինեանի գործընթացը, զինք տապալելը նպատակ դարձուցած: Այս ալ պատկերին միւս երեսն է:

Այս տողերը թուղթին յանձնողը, սփիւռքահայ ազգային թէ միջազգային քաղաքական կեանքի հարիւրամեայ փորձառութեամբ, լաւատես է Հայաստանի ապագային նկատմամբ:

Այժմ, գանք ուրիշ կարեւոր հարցի մը, առաւելաբար հայ սփիւռքը շահագրգրող: Սփիւռքի մէջ ալ կան կարծրացած, դիրք եւ հայեացք չփոխողներ: Խօսքս առաւելաբար անոնց մասին չէ: Իմ մտասեւեռումս մեր բարձրացող նոր սերունդն է, որ ոչ թէ մեր ապագան է ծամծմուած իմաստով, այլ այսօր ապրող եւ մեր ազգի էութիւնը կազմաւորող ներկան է իր եռուն եւ խոստմնալի խոյանքներով: Ազգային, քաղաքացիական եւ հայրենի իրականութեան նկատմամբ անոնք առողջ եւ գործնական կեցուածք կը ցուցաբերեն եւ իրենց ապրած երկիրներու իրականութեան հետ շաղուած, իրենց յաջողութիւններով եւ գրաւած դիրքերով, փայլ կու տան իրենց ինքնութեան եւ հայութեան:

Այժմ, մենք տարեցներս մեր կեդրոնական ուշադրութեան առարկան պէտք է դարձնենք մեր թոռները: Այստեղ կը մէջբերեմ William Wordsworth-ի “The Child is father of the Man” խօսքը իր 1802-ին գրուած բանաստեղծութենէն, ուր բանաստեղծը կը շեշտէ թէ սկզբնական փորձառութիւնները, նկարագրի եւ անհատականութեան բնածին գիծերը եւ սքանչացումի ոգին, կը ձեւաւորեն հասուն անձը որ կը կազմաւորուի մանուկին մէջ: Մեր, երէցներս շատ բան ունինք անոնցմէ սորվելիք: Մեր աւագ պարտականութիւնն է դաս քաղել մանուկէն: Ուսումնասիրելով անոնց հոգեբանութիւնը, ըստ այնմ վարուիլ անոնց հետ, որպէսզի անոնց մէջ անկաշկանդ աճին ու մեծնան իրենց բնատուր ձիրքերը: Միաժամանակ, ուշադիր ըլլանք, որ մեծապէս հրապուրիչ, բայց եւ խաթարիչ եւ կրաւորականութեան մղող իրնց գունագեղ շրջապատը եւ electronic սարքերը, չ'օտարացնեն զիրենք իրենց ինքնութենէն: Անհրաժեշտ է մեր համայնքային կեանքէն ներս, ընտանեկան, եկեղեցական, դպրոցական եւ պատանեկան շարժումներու առողջ, հաճելի, գրաւիչ եւ աշխոյժ գործունէութիւններով, օգնենք, որ մեր թոռները մեծնան հայեցի արժէքներով, որպէսզի անոնք իրենց նախնիներու տեսլականին հաւատարիմ, հայ ոգիով եւ հպարտութեամբ կազմաւորուին:

Մէկ յօդուածով մենք կրնանք պարզապէս հարցին էական կարեւորութիւնը ընդգծել: Հարկ է որ մեր ամբողջական միջոցները կեդրոնացնենք մեր կազմաւորուող սերունդները դէպի հայութիւն առաջնորդել: “The Child is father of the Man” այս իմաստուն խօսքէն քաղենք մեր դասը:

Լաքրէսէնթա, Կլէնտէյլ

29 Յուլիս 2026