«Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւնը կեղծիք է. Ահմատ Քազեմի

2022-09-20
Image

Կովկասեան հարցերով փորձագէտ Ահմետ Քազեմին Իրանի հեռուստատեսային «Սորայեա» հաղորդման ժամանակ ըսած է, որ «Զանգեզուրի կեղծ միջանցքը» կամ «ՆԱԹՕ-ի թուրանական միջանցքը» Բրիտանիոյ եւ «սիոնիստական ռեժիմի» աշխարհաքաղաքական կեղծիքն է Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Կովկասի կարեւոր տարածաշրջանին մէջ, ուր այս նախագիծին մէջ գործակալի եւ գործադիրի դեր կը խաղան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները, կը տեղեկացնէ parstoday.com-ը։ 

«Բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ Բրիտանիան եւ սիոնիստական ռեժիմը կը հանդիսանան այս խռովութեան եւ յարակից շարժումներու հիմնական նախագծողները: ՆԱԹՕ-ի մէջ Բրիտանիոյ նախկին ներկայացուցիչ Ատամ Թոմսըն, յստակ ըսած է, որ 2020 թուականին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմով պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է, որ պէտք է օգտագործուի եւ Հայաստանի հարաւը Թուրքիան Ատրպէյճանին կապող միջանցք ստեղծելով, ՆԱԹՕ-ն հասցնել Կասպից Ծովուն եւ ՆԱԹՕ-ն մէկ քայլ մօտեցնել Չինաստանին»,–ըսած է ան:

Քազեմին նշած է, որ «բոլոր փաստերն ու ապացոյցները կը վկայեն, որ Ատրպէյճանը մտադիր է բռնագրաւել եւ բռնակցել Հայաստանի հարաւը եւ նոյնիսկ դուրս եկած է Զանգեզուրի միջանցքի կեղծ ծրագրէն»։ Կայքը յիշեցուցած է, որ օրերս ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտարարած է նաեւ, որ տեղեկութիւններ կան, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանէն ռազմական գործողութիւններ պիտի ձեռնարկէ՝ գրաւելու Հայաստանի տարածքի այլ հատուածներ՝ Հայաստանի կապը երկրի հարաւային շրջաններու հետ խզելու համար եւ գործնականօրէն Հայաստանի այս հատուածը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի օգնութեամբ պիտի մասնատուի եւ կցուի Ատրպէյճանին:

«Նկատի ունենալով ներկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի թուլութիւնը, յուսահատութիւնն ու փխրունութիւնը՝ Ատրպէյճանը Բրիտանիոյ, սիոնիստական ռեժիմի եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ նպատակներ կը հետապնդէ Զանգեզուրի կեղծ միջանցքէն այն կողմ։ Նկատի առնելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը, որ բազմիցս ընդգծած է, որ Հայաստանի հարաւային շրջանը եւ նոյնիսկ Երեւանը պատմականօրէն կը պատկանին Ատրպէյճանին, եւ ատրպէյճանցիները այնտեղ պիտի վերադառնան կա՛մ քաղաքական, կա՛մ ռազմական ճանապարհով, պարզ կը դառնան Հայաստանի հարաւային շրջանները բռնակցելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները»,–ըսած է ան: