«Թրքական յարձակումը չի կրնար անպատասխան մնալ»․ Յունաստանի ԱԳ նախարար

2021-07-22
Image

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, կիպրոսցի իր գործընկերոջ՝ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ հանդիպումէն ետք նշած է, որ Թուրքիան չի կրնար Թուրքիա-Յունաստան եւ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկար ունենալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Կիպրոսի մէջ օրէնքը խախտելու հարցով վճռական տրամադրուած է, գրած է cyprus-mail.com-ը։

Տենտիասը նշած է, որ Կիպրոսի մէջ իր ներկայութիւնը «կը խորհրդանշէ Յունաստանի կառավարութեան` Կիպրոսի կառավարութեան ու անոր ժողովուրդի կողքին կանգնելու, ինչպէս նաեւ միջազգային օրինականութեան աջակցելու յանձնառութիւնը»:

«Յունաստան-Թուրքիա եւ ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներ չեն կրնար ըլլալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիան Կիպրոսի մէջ օրէնքը խախտելու հարցով վճռական տրամադրուած է։ Թրքական յարձակումը չի կրնար անպատասխան մնալ», - ըսած է Տենտիասը՝ շեշտելով, որ յունական կողմի պատասխանը հիմնուած պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի եւ արժէքներու վրայ։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն առաջ, որու առնչութեամբ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ Անգարային յստակ ուղերձ կը յղուի։

«Հասկնալի է, որ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները Կիպրոսի հակամարտութեան այլընտրանքային լուծումները խթանելու նպատակ ունին, որ ո՛չ Կիպրոսը, ո՛չ ալ միջազգային հանրութիւնը կ'ընդունին», - աւելցուցած է ան:

Երկու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում յաջորդած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն (չճանչցուած) կատարած այցին։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրդողան այցելած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն (չճանչցուած)՝ ներկայ ըլլալու 1974 թուականին Կիպրոս թրքական զօրքերու ներխուժման տարեդարձին նուիրուած արարողութեան, նպատակ ունենալով յիշեցնել բռնագրաւման մասին՝ առանց երկու կողմերու միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները տապալելու։

Թուրքիոյ նախագահի հաղորդակցման հարցերով տնօրէն Ֆահրեթին Ալթունը աջակցութիւն յայտնած էր Կիպրոսի մէջ 2 պետութիւններու ստեղծման։

«Երկու կողմերը չեն կրնար միասին նոյն յարկի տակ ապրել։ Մենք պէտք է իրատես ըլլանք, եթէ չենք ուզեր այս վէճը մեր երեխաներուն փոխանցել», - ըսած էր Ալթունը։