«ՄԱԿ-ի մէջ մեզի դէմ հերթական սադրանք կը պատրաստուի». Ալիեւ

2022-12-26
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «ՄԱԿ-ի մէջ մեզի դէմ հերթական սադրանքը կը պատրաստուի»։

«Լաչինի ճանապարհին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները հերթական հակաատրպէյճանական ջղացնցման պատճառ դարձած են։ Այստեղ ոչ միայն Հայաստանը, այլ նոյնիսկ աւելի շատ, անոնց հովանաւորները արտերկրի մէջ, անոնց թիկունքին կանգնած պետութիւնները զրպարտչական արշաւ սկսած են Ատրպէյճանի դէմ, եւ ՄԱԿ-ի մէջ հերթական սադրանքը կը պատրաստուի մեզի դէմ»,-ըսած է Ալիեւ։

«Արդէն մի քանի օր է՝ առանձնայատուկ եռանդով աչքի ինկող երկիրները մտադիր են իրենց հերթական կեղտոտ ծրագրերն իրականացնել մեր դէմ։ Սակայն անոնք դեռ ոչ մէկ բանի կրցած են հասնիլ։ Յաջորդ շաբաթ անոնք պիտի փորձեն գործադրել բոլոր ուժերը»,-ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով, «որոշ ուժեր Լաչինի ճանապարհին իրավիճակը խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնեն»։

«Այդ հերթական սուտն ու զրպարտութիւնն է, բոլորս ալ գիտենք, թէ ով հեղինակը։ Նորէն կ'ըսեմ՝ Հայաստան պետութիւնը այստեղ առաջին շարքերուն վրայ չէ։ Բայց այդ ոչինչ կը նշանակէ»,- ըսած է Ալիեւ:

«Մենք բազմիցս ապացուցած ենք, այդ ցոյց տուած էր երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմը, ցոյց տուած են յետպատերազմական երկու տարիները։ Ոչ ոք կրնայ ազդել մեր վրայ։ Կրնան ըլլալ զանգեր, յայտարարութիւններ, որոնց ուշադրութիւն դարձնել պէտք չէ։ Մենք այդ զանգերուն կը պատասխանենք սոսկ քաղաքական քաղաքավարութենէն ելլելով: Բայց այդ ամենեւին չի փոխեր մեր դիրքորոշումը»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։