«Շնորհակալ եմ»․ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նաեւ հայերէնով շնորհակալութիւն յայտնած է օգնութեան մեկնած փրկարարներուն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն տեսանիւթ տեղադրած է եւ գրած որ բարեկամը դժուար օրը յայտնի կ'ըլլայ։
Տեսանիւթին մէջ Թուրքիոյ օգնութիւն ցուցաբերած երկիրներու փրկարարներու նկարներու ֆոնին կը գրուի այդ երկրի անունը եւ տուեալ երկրի ազգային լեզւով «շնորհակալութիւն» բառը։ Հայաստանի փրկարարներու լուսանկարը եւս ներկայացուած է, որու տակ գրուած «շնորհակալ եմ»։