«Ուղիղ բանակցութիւնները խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցն են». Պլինքըն խօսած է Ալիեւի հետ

Պլինքըն 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ալիեւի հետ` առաջարկելով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու։ Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Պլինքըն քաջալերած է չլուծուած հարցերուն լուծում գտնելու եւ ընդգծած, որ չկայ ռազմական լուծում: Ան վերահաստատած է Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալէ շարունակական համագործակցութիւն խաղաղ գործընթացին մէջ:
Հեռաձայնային զրոյցին մասին «Թուիթըր»ի իր էջին Պլինքըն գրած է հետեւեալը. «Այսօր խօսեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ` փոխանցելու աջակցութիւնս Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան եւ այդ ջանքերուն նպաստելու մեր պատրաստակամութիւնը: Ուղիղ բանակցութիւնները միակ ուղին են` հասնելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան»: