ԱՀԿ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է COVID-19-ի աւելի վտանգաւոր տարբերակի առաջացման սպառնալիքի մասին

2021-07-21
Image

Աշխարհի մէջ կրնայ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակ յայտնուիլ, որ աւելի վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, քան տելթա տարբերակը, յայտարարած է ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը՝ ելոյթ ունենալով Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 138-րդ նստաշրջանին:

Ըստ անոր՝ նոր շտամը կրնայ յանգեցնել վարակի հետագայ տարածման ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Որքան շատ կը տարածուի («Քորոնա» ժահրը-խմբ.), այնքան անոր աւելի շատ տարբերակները կը յայտնուին աւելի վտանգաւոր դառնալու ներուժով, քան տելթան, որ այժմ այդքան վնաս կը հասցնէ։ Եւ որքան շատ տարբերակներ ըլլան, այնքան բարձր է հաւանականութիւնը, որ անոնցմէ մէկը պատուաստանիւթերու ազդեցութեան չեղթարկուի եւ մեզի վերադարձնէ սկզբնական վիճակին», – պարզաբանած է ԱՀԿ-ի ղեկավարը:

Կեպրէյեսուսը պարզաբանած է, որ այժմ «աննախադէպ ճգնաժամ» կը նկատուի, որ կը պահանջէ «աննախադէպ միջոցներ: