Աղէտը մեծ է, համերաշխութիւնն ալ պէտք է մեծ ըլլայ. Փայլան

2023-02-07
Image

Երկրաշարժի գօտիին մէջ գտնուող մեր շատ քաղաքացիներ իրենց վնասուած տուներու պատճառով այս ցուրտ եղանակին փողոցները մնացած են։

Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը․

«Բոլոր անոնք, որոնք հոգ տարած են, որ իրենց տունը ամուր ըլլայ, բացէք ձեր դռները անոնց համար, որոնք փողոցը մնացած են:

Աղէտը մեծ է, համերաշխութիւնն ալ պէտք է մեծ ըլլայ»,-գրած է հայազգի պատգամաւորը։