Ամերիկացի տիեզերագնացը հրաժարած է մեկնիլ Ատրպէյճան՝ ՀՀ–ի նկատմամբ յարձակման պատճառով

2023-02-17
Image

Ամերիկացի յայտնի տիեզերագնաց Կարեթ Ռէյզմըն մերժած է մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ գումարուող Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովին՝ շեշտելով Հայաստանի դէմ այդ երկրի ռազմական յարձակումը: Ան այս մասին գրառում կատարած է Թուիթըրի իր էջին: 

«Ինչո՞ւ Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովը (IAC) կը գումարուի Ատրպէյճանի մէջ, երկրի մը, որ մեղաւոր է իր դրացի Հայաստանի դէմ վերջին ռազմական յարձակման համար: Ատրպէյճան ամէնէն փտած երկիրներէն է. անիկա Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու ամէնէն վատ ցուցանիշներէն մէկը ունի: Ես պիտի չերթամ, իսկ եթէ դուն կը պատրաստուիս երթալ, կը խնդրեմ վերատեսութեան ենթարկես որոշումդ», գրած է Ռէյզմըն: 

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը սկսած է նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, եւ այդ արարքը դատապարտուած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: 

Ռէյզմըն «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կիսած է նաեւ կարգ մը միջազգային կառոյցներու զեկոյցները, գնահատականները, օրինակ՝ «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»ի փտածութեան ընկալման 2021ի ցանկին վրայ Ատրպէյճան վատ դիրքը, որ 180 երկիրներու մէջ 128րդն է: