ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան

Քիեւի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունն ամերիկացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կայքին մէջ։
«ԱՄՆ դեսպանատունը ԱՄՆ քաղաքացիներուն կոչ կ'ընէ լքելու Ուքրանիան՝ օգտագործելով առկայ ցամաքային փոխադրային միջոցներն այն պարագային, եթէ այն անվտանգ է», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս միջոցը կը ձեռնարկուի յառաջիկայ օրերուն «Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ կառավարական հաստատութիւններու վրայ ռուսական ենթադրեալ հարուածներու սպառնալիքի պատճառով»։
Յիշեցնենք` 24 փետրուարի վաղ առաւօտեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նկատմամբ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին որոշում կայացուցած է, քանի որ Տոնեցկի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները դիմած են օգնութեան խնդրանքով։
Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները կ'ընթանան արդէն 180-րդ օրը։