ԱՄՆ-ի Քոնգրեսին մէջ ներկայացուած է Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու նոր՝ ծաւալուն փաթեթի օրինագիծ

2022-01-14
Image

ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ Ռոպերթ Մենենտեսի գլխաւորած խումբ մը դեմոկրատ ծերակուտականներ ներկայացուցած են օրինագիծ, որով պատժամիջոցներ կը սահմանուին Ռուսաստանի ղեկավարներու նկատմամբ այն պարագային, եթէ ռուսերը համարձակին ներխուժել Ուքրանիա: Նախաձեռնութեան անուանումն է «Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան 2022 թուականի օրէնք»:

Օրինագծով կ'ենթադրուի պատերազմի պարագային պատժամիջոցներ սահմանել նախագահ Վլատիմիր Փութինի, վարչապետի, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու, զինուած ուժերու գլխավոր շտաբի պետի եւ բարձրաստիճան այլ ղեկավարներու նկատմամբ:

Նախագիծը պէտք է քննարկուի Ծերակոյտի արտաքին հարցերու յանձնաժողովին մէջ, որուն նախագահը Մենենտեսն է:

Ըստ գործող կարգի, Ծերակոյտը եւ Ներկայացուցիչներու տունը պէտք է հաւանութիւն տան օրինագիծին, որմէ յետոյ այն վաւերացման համար կը փոխանցուի նախագահ Ճօ Պայտընին:

Ռուսական կողմը արդէն նախազգուշացուցած է, որ օրինագծի ընդունումն ու իրագործումը պիտի դիտուի որպէս աննախադէպ քայլ, որ չափազանց ծանր հարուած պիտի հասցնէ երկու գերտէրութիւններու արդէն բարդ յարաբերութիւններուն:

«Պետութեան ղեկավարին, Ռուսաստանի ղեկավարին նկատմամբ պատժամիջոցի սահմանումը ծայրայեղ միջոց է, այն համեմատելի է միայն յարաբերութիւնները խզելու հետ», ըսած է Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը եւ ընդգծած, որ Ուաշինկթընի կողմէ նման քայլին Մոսկուան անմիջապէս պիտի տայ համարժէք պատասխան:

Խօսնակին փոխանցմամբ՝ Ժընեւի, Պրիւքսէլի եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու օրերուն պատժամիջոցի մասին լուրի հրապարակումը պատահական չէ եւ Մոսկուայի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակ կը հետապնդէ: