Անգարային ու Պաքուին կը մտահոգեն իրանեան կողմի որոշ յայտարարութիւններ. Քալըն

2023-01-05
Image

Այն, ինչ կը կատարուի Իրանի մէջ, տխուր է եւ մտահոգիչ։ Թրքական NTV հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալըն, ըստ ամենայնի, մեկնաբանելով Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու հետ կապուած իրավիճակը։

Քալըն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Իրանի բարքերու ոստիկանութիւնը «կը վերածուի հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները պաշտպանող կառոյցի։ «Ես կը տեսնեմ, որ Իրանի վարչակազմը տրամադրուած է այս ուղղութեամբ»,- ըսած է ան։

Ան նաեւ «մտահոգութիւն» յայտնած է Իրանի «հայամէտ տրամադրութիւններու» վերաբերեալ։

«Մեզի եւ ատրպէյճանական կողմին ժամանակ առ ժամանակ կը վշտացնէին Իրանի որոշ հայամէտ տրամադրութիւնները։ Մենք այդ մասին կը խօսինք նաեւ իրանական կողմի հետ», -ըսած է ան: