Անկելա Մերքել հրաժարած է ՄԱԿ-ի մէջ աշխատելու Կութերեշի առաջարկէն

2022-01-19
Image

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքելին կ'առաջարկէ խորհրդատուական պաշտօն ստանձնել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կառոյցներէն մէկուն մէջ։ 

Խօսքը հանրային բարիքներու հարցերով խորհրդատուական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնի մասին է։ Այդ կառոյցի իրաւասութիւններու շարքին պէտք է ըլլան միջազգային հարցերու կարգաւորումը, այդ շարքին՝ առեւտուրի, թռիչքներու անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ 

Գերմանիոյ նախկին ղեկավարը անձամբ զանգած է ՄԱԿ-ի գլխաւորին եւ հրաժարած է կազմակերպութեան մէջ աշխատելու առաջարկէն:

67-ամեայ Անկելա Մերքելը Գերմանիոյ կառավարութիւնը ղեկավարած է 2005 թուականէն մինչեւ 2021։ Վարչապետի պաշտօնին իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն ան յայտարարած է, որ մէկընդմիշտ կը հեռանայ քաղաքականութենէն։