Անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները․ Պասկերու երկրի խորհրդարանի պահանջը՝ Ատրպէյճանին

2021-10-08
Image

Պասկերու երկրի խորհրդարանը Հոկտեմբեր 8-ին միաձայն ընդունած է բանաձեւ, որմով, մասնաւորապէս, Ազրպէյճանէն կը պահանջէ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Բանաձեւով կը ներկայացուին հետեւեալ յստակ պահանջները՝ անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, յարգել հրադադարը, դադրեցնել ռազմական ներխուժումները ՀՀ տարածք: