Աշխարհը մօտեցած է վտանգաւոր սահմանագծին. Լաւրով ՄԱԿ-ի մէջ կոչ ըրած է վերադառնալու ակունքներուն
Պաղ պատերազմէն ի վեր աշխարհը թերեւս հասած է աւելի վտանգաւոր գիծի, իրավիճակը սրած է ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներու՝ դիւանագիտութենէն հրաժարելով: Այս մասին երկուշաբթի օր յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Այն նուիրուած է «կազմակերպութեան կանոնադրութեան սկզբունքներու պաշտպանութեան միջոցով արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան»։
«Կրկին, ինչպէս Պաղ պատերազմի տարիներուն, մենք մօտեցանք վտանգաւոր, եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր գիծի:Իրավիճակը սրած է բազմակողմանիութեան նկատմամբ հաւատի կորուստով, երբ Արեւմուտքի ֆինանսատնտեսական յարձակումը կ'ոչնչացնէ համաշարհայնեցման առաւելութիւնները, երբ ԱՄՆ-ն եւ իր դաշնակիցները կը հրաժարին դիւանագիտութենէն ու կը պահանջեն յարաբերութիւնները «ռազմի դաշտին մէջ» պարզել: Այս ամէնը ՄԱԿ-ի պատերէն ներս է, որn ստեղծուած է պատերազմի սարսափները կանխելու համար»,-ըսած է նախարարը:
ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը կոչ ըրած է պահպանելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներն ու սկզբունքները եւ յարմարեցնելու համաշխարհային կազմակերպութիւնը «միջազգային յարաբերութիւններու բազմաբեւեռ ճարտարապետութեան ձեւաւորման առարկայական միտումներուն»։
Նախարարի խօսքով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ պէտք է ընդգրկուին Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի աւելի շատ երկիրներ, իսկ այժմ այնտեղ կը նկատուի «Արեւմուտքի գերներկայացուածութիւնը»։