Ատրպէյճանը պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալ իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները. Լաւրով

Պաքուն պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տրամադրել այն իրաւունքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը։
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս «աւելի շատ կը խօսին Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներուն մասին, քան կարգավիճակին»։
«Ատրպէյճանը պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալ իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները»,- ըսած է ան։
Լաւրովի ասուլիսը հեռարձակուած է ՌԴ դիւանագիտական ծառայութեան եութուպեան ալիքով։