Ատրպէյճանի ԱԳՆ. Ճանապարհը փակած են ռուս խաղաղապահները

Լաչինի միջանցքը արգելափակուած է ոչ թէ ատրպէյճանցի «ցուցարարներու», այլ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ։ Նման անհեթեթ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ։
«Լաչինի միջանցքը արգելափակուած է ոչ թէ ատրպէյճանցի ցուցարարներու, այլ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ։ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հանրութեան ներկայացուցիչները կը փորձեն կանխել գողցուած բնական պաշարներու տեղափոխումը, այլ ոչ թէ խոչընդոտել քաղաքացիական նշանակութեան այլ փոխադրային միջոցներու շարժը»,-ըսած է Հաճիեւ։
Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին, ժամը 10:30-էն ի վեր ատրպէյճանցիները, իբր, բնապահպանական պատճառներով փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը։