Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է Թեհրան խորհրդակցութիւններու

2023-01-04
Image

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Սայիտ Ապաս Մուսաւին խորհրդակցելու համար մեկնած է հայրենիք։ Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Իրանեան «Mehr» գործակալութեան տուեալներով՝ տեղի ունեցած է դեսպանի հանդիպումը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ։

Նախարարի հետ դեսպանի խորհրդակցութիւնները կ'ընթանան Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական նոր լարուածութեան, Իրանի՝ Ատրպէյճանի հասցէին սպառնալիքներ պարունակող զօրավարժութիւններու, նոր յարձակումներու եւ սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ։ Մուսաւին Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձանց հետ իր երկօրեայ բանակցութիւններու արդիւնքները։