Ատրպէյճն ցուցումներ կու տայ Euronews-ին եւ Le Figaro թերթին

2022-12-27
Image

Ատրպէյճանի գռեհկութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ որոշած են Euronews-ին եւ Le Figaro-ին ցուցումներ տալ, թէ ինչպէս լուսաբանել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շրջափակման վերաբերեալ իրավիճակը։

Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ ատրպէյճանական մամուլի խորհուրդը դիմած է Euronews-ի ֆրանսական ծառայութեան եւ Le Figaro թերթին՝ Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաքի «միակողմանի լուսաբանման» առնչութեամբ։ Մասնաւորապէս, խորհուրդն «ափսոսանք յայտնած Euronews-ի եւ Le Figaro-ի կողմէ ցոյցի ժամանակ ելոյթ ունեցած որոշ անձանց ելոյթի բովանդակութեան կանխակալ հեռարձակման կապակցութեամբ»։ Բացի այդ, խորհուրդը կոչ ըրած է Euronews-ին եւ Le Figaro-ին «նրբանկատօրէն վերաբերիլ ղարաբաղեան իրողութիւններուն» եւ «հարթակ չտալ անոնց, որոնք կ'ուզեն կրկին իրականացնել իրենց քաղաքական արկածախնդիր ծրագրերը Հարաւային Կովկասի մէջ»։

Յիշեցնենք, որ աւելի քան երկու շաբաթ է Ատրպէյճանը լիակատար շրջափակման մէջ կը պահէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ «յարգանք» դրսեւորելով ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու եւ մասնաւորապէս ղարաբաղցիներու իրաւունքներու նկատմամբ։ Նախօրէին հանրահաւաք տեղի ունեցած է՝ ի նշան Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններու դէմ բողոքի։