Արեւմուտքը աւելի մեծ համբերութիւն ունի, քան Վլատիմիր Փութինը․ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի նախագահ

2023-02-20
Image

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի նախագահ Քրիսթոֆ Հոյսկեն իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ Արեւմուտքը աւելի մեծ համբերութիւն ունի, քան Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Անոր ելոյթը հեռարձակուած է համաժաղովի կայքին մէջ:

Իր ելոյթին մէջ Հոյսկեն խօսած է «անդրաթլանթեան միասնութեան» մասին՝ նշելով, որ Արեւմուտքը «յստակ ազդանշան» տուած է։

«Եկած ենք, որ մնանք։ Եւ մենք աւելի մեծ համբերութիւն ունինք, քան Վլատիմիր Փութինը»,- շեշտած է համաժողովի նախագահը՝ աւելցնելով, որ Արեւմուտքը պէտք է կատարէ «իր տնային առաջադրանքները» եւ մեծցնէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան համար նախատեսուած ծախսերը Ուքրանիոյ աջակցելու համար։

«Խաղաղութիւնը երկխօսութեան միջոցով կը հաստատուի: Մենք շատ ուրախ ենք, որ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս, ինչպէս նախորդ տարի, շատ երկխօսութիւններ տեղի ունեցած են», -ըսած է Հոյսկեն:

Անոր խօսքով՝ այս տարի ամենավառ տպաւորութիւններէն մէկը Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի տեսաելոյթն էր։ Հոյսկեն յոյս յայտնած է, որ յաջորդ տարի ուքրանացի առաջնորդը անձամբ ներկայ կը գտնուի համաժողովին։